2015-04-16 09:34:00

Միջին արեւելքի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն իրավիճակը` արտաքին օրակարգի վրայ


Միջին արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի քրիստոնեաներու իրավիճակը առանցքը կազմեց լիբանանցի պաշտօնատարներուն ունեցած խորհրդակցութեանց` արտաքին կողմերուն հետ: Այս ծիրին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ իր կատարած արտաքին, եւրոպական շրջապտոյտին ծիրին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի պատկան մարմիններուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Այս իմաստով ան հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Փեթրօ Փարոլինիի հետ` ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրիի եւ Վատիկանի մօտ լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատու գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկայի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ առհասարակ շրջանի իրադարձութեանց եւ անոնց ազդեցութեանց շուրջ` քրիստոնեաներուն վրայ: Պասիլ նաեւ գլուխ գլխի հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Փարոլինիի հետ:

Նոյն կապակցութեամբ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ հինգ պետութիւններու դեսպաններուն հետ` արծարծելով քրիստոնեաներու իրավիճակն ու արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահի աթոռի թափուր երեւոյթին շուրջ: Ռայի պատրիարքը ընթացիկ 25 ապրիլին պիտի մեկնի Ֆրանսա` պատրիարքական նոր կեդրոնի մը հիմնարկէքի արարողութեան առիթով: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը անջատ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Հոլլանտի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանի անդորրութեան եւ գերիշխանութեան: Մարոնիներու լիկայի պատուիրակութիւնը ընդունելով` Ֆրանչիսկոս պապը մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ յաղթահարել փորձանքները եւ վերակենդանացնել իր հաստատութեանց գործունէութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.